Ֆրանչիսկոս Պապը Գերյարգելի Լեւոն Վրդ. Զէքիեանը անուանեց` Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսական
թեմի Առաքելական Կառավարիչ։
Չորեքշաբթի 21 Մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Գերյարգելի Լեւոն Պօղոս Վրդ
Զէքիեանը անուանեց` Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսական թեմի Առաքելական Կառավարիչ,
անոր շնորհելով Արքեպիսկոպոսի տիտղոսն ու աստիճանը։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ թեմի օգնական
եպիսկոպոսը` գերապայծառ Գէորգ Խազումեան` ներկայացուցած էր իր հրաժարականը եւ Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց ` Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս - Պատրաիրքը, եպիսկոպոսներու մնայուն սիւնհոդոսի
հաւանութեամբ, ընդունած էր հրաժարականը, տեղեակ պահելով Սուրբ Աթոռը։ Գերապայծառ
Լեւոն Զէքիեանը ծնած է Իսթանպուլ` 21 հոկտեմբեր 1943-ին։ 12 տարեկանին կը մտնէ Վենետիկի
Մխիթարեան միաբանութեան դպրեվանքը։ 1964-ին կը կատարէ իր կրօնաւորական ուխտերը եւ 21
Մայիս 1967-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։1993-ին դարձած է Վենետիկի Պատրիարքութեան
թեմի անդամ։ Գերապայծառ Զէքիեանը իր առաքելական ծառայութիւնը մատուցած է Վենետիկի
Սփիւռքահայութեան, յատուկ կերպով նուիրուելով համամիութենական ասպարէզին, յատկապէս Հայ
Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ կապեր մշակելով։ Գերապայծառ Զէքիեանը երկար տարիներ եղած
է Վենետիկի Քա՛ Ֆոսքարի համալսարանի Հայ Լեզուի եւ մշակոյթի դասախօս։ Ան եղած է Հայաստանի
Հանրապետութեան գիտութեան ակադեմիաի դասախօս, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի
խորհրդատու։ Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը կը շնորհաւորէ գերապայծառ Զէքիեանը,
անոր մաղթելով Աստուածանուէր բեղուն առաքելութիւն։